2015-06-03 10:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` Ընտանիքը եւ աղքատները։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 3 յունիս 2015-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տուած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շարունակելով ընտանիքի մասին խորհրդածութիւնները, խօսեցաւ Ընտանիքի դիմագրաւած կեանքի դժուար պայմաններու մասին, յատկապէս շեշտը դնելով աղքատութեան վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, բազմաթիւ ընտանիքիներ կը տառապին աղքատութենէն որ շատ անգամ կը յառաջանայ պատերազմներու պատճառաւ։

Պատերազմը միշտ եղած է ահռելի իրողութիւն որ ընդհանրապէս կը հարուածէ անմեղ քաղաքացիներն ու ընտանիքները։  ''Պատերազմը բոլոր աղքատութիւններու մայրն է'' հաստատեց Քահանայապետը մատնանշելով թէ  ''հակառակ անոր շատ մը աղքատ ընտանիքներ կը ջանան ամենայն արժանապատուութեամբ ապրիլ իրենց առօրեան, յաճախ վստահելով Աստուծոյ օրհնութեան վրայ''։

Հրաշք մըն է – ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը – որ աղքատութեան հանդերձ, ընտանիքներ կը շարունակուին կազմուիլ, ու պահպանել մարդկութիւնը իր յատուկ կապերով։ Մենք պէտք է ծնկադրենք այս ընտանիքներուն դիմաց, որոնք մարդկայնական իսկական դպրոց մըն են, որ ընկերութիւնը կ՛ազատագրէ բարբարոսութիւններէն։

Ժամանակակից տնտեսութիւնը  - ըսաւ հուսկ Քահանայապետը - յաճախ մասնագիտացած է անհատական բարեկեցութեան օգուտը փնտռելու մէջ, որ գործնականին մէջ կը շահագործէ ընտանեկան կապերը, ինչ որ լուրջ հակասութիւն մըն է, որովհետեւ ընտանիքներուն` ընկերութեան տուած սատարն ու ներդրումը կարելի չէ չափել։

Միայն ուտեստեղէնի հարց չէ այլ աշխատանքի, կրթութեան եւ առողջապահութեան հարց է։ Ընկերային խեղճութիւնը դաժանօրէն կը հարուածէ ընտանիքները ու յաճախ կ՛ոչնչացնէ զանոնք։  Անգործութիւնը եւ աշխատանքի անկայունութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունին ընտանիքի կեանքին վրայ նոյնպէս թշուառ թաղամասերու մէջ դիմագրաւուած հարցերը ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութիւններու նուազեցումը` ըլլան անոնք առողջապահական կամ դաստիարակչական նորանոր դժուարութիւններ կը յարուցանեն։ Այս նիւթական գործօններուն աւելցնելու ենք` հաղորդակցութեան միջոցներու տարածած  ընտանիքի կեղծ – տիպարներու օրինակը` հիմնուած սպառողականութեան եւ տեսքի պաշտամունքի վրայ, որոնք մեծապէս կ՛ազդեն աղքատ միջավայրերու վրայ, քանդելով ընտանեկան կապերը։ 

Եկեղեցին Մայր է` ու պէտք չէ մոռնայ իր զաւակներուն ողբերգութիւնը – հաստատեց ապա Սրբազան Հայրը ճառին աւարտին։ Եկեղեցին եւս ըլլալու է աղքատ որպէսզի կարենայ դառնալ պտղաբեր ու համապատասխանէ այնքան խեղճութեան։ Աղքատ Եկեղեցի մը եկեղեցի մըն է որ կամաւոր պարզութեամբ կ՛ապրի իր կեանքը, խորտակելու համար բաժանումի պատերը, յատկապէս աղքատներուն նկատմամբ։ Ասոր համար հարկաւոր է աղօթքն ու աշխատանքը։

Աղօթենք Տէրը` որպէսզի մեզ խրախուսէ ու մեր քրիստոնեայ ընտանիքները դարձնենք դերակատարներ անհրաժեշտ նկատուած ընտանիքի մօտիկութեան յեղափոխութեան, որով ի սկզբանէ կազմուած է Եկեղեցին։ Ու երբեք չի մոռնանք որ կարիքաւորներն, մանուկներուն եւ աղքատներուն դատաստանը կը կանխէ Աստուծոյ վերջնական դատաստանը - ըսաւ Սրբազան հայրը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.